2015-12-29 10:11:00

Գերապայծառ Պեչչու` Ֆրանչիսկոս Պապին 2015 տարին եղաւ յանուն ողորմութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 2015 տարին յատկանշուեցաւ` Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն հռչակումով, ապա անոր կատարած առաքելական միջազգային կարեւոր ճամբորդութիւններով, Ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսով ինչպէս նաեւ Վատիկանի եւ Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներով։

Անդրադառնալով Քահանայապետի 2015 տարուան գործունէութիւններու մասին, Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան Վատիկանի տեղակալ Անճելօ Պեչչու Արքեպիսկոպոսը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ իրեն գնահատումով 2015-ի ամենակարեւոր եւ նշանակալից պահը եղաւ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ հռչակումին լուրը` փորձարկել Աստուծոյ Ողորմութիւնը­, ինչպէս նաեւ այս առընչութեամբ առնուած որոշումը Աթոռանիստ Եկեղեցիներու մէջ բանալու Սուրբ Դռները։ Գերապայծառ Պեչչու անդրադարձ կատարեց 2015-ի ընթացքին տեղի ունեցող կարեւոր ձեռնարկներէն մէկուն այն է` Ընտանիքի նիւթին մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եւ այդ սիւնհոդոսէն ի յայտ եկած նոր մեթոդաբանութիւնը` գործելու հաղորդութեան մէջ, հաւաքականօրէն ու միասնաբար։ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարութեան Վատիկանի տեղապահը անդրադարձ կատարեց ապա Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներու աշխատանքներուն ու Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող ''նեղացուցիչ'' հարցերուն, որոնք հակառակ որ մեծապէս վշտացուցին Ֆրանչիսկոս Պապը սակայն Ան միաժամանակ  համբերութեամբ ու քաջութեամբ  դիմագրաւեց զանոնք։

Գերապայծառ Պեչչու յայտնեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մեծ մտահոգութիւնը` ի տես աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու դէմ կիրակուած հալածանքին ապա շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան ի սպաս անվերապահ յանձնառումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.